Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ երէկ մարզական կոչումներ շնորհուեցան մարզաշխարհի 33 ներկայացուցիչներու:
Մարզիկներուն կոչումները յանձնեց նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, այս մասին յայտնեց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նախարարին տեղակալը շնորհաւորեց մարզիկներուն ստացած կոչումները եւ անոնց մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:
Նախարար Վահրամ Դումանեանի հրամանագիրով, Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնակրթութեան վաստակաւոր վարպետի կոչման արժանացաւ ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի կռփամարտի եռակի ախոյեան` Յովհաննէս Բաչքով:


