Այսօր` երեքշաբթի, 19 յուլիսին «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան պիտի հիւրընկալէ Լիւքսամպուրկի ախոյեան ԷՖ-91 Տուտելանժը:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Ինչպէս տեղեկացուց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը, օրուան իրաւարարները պիտի ըլլան Անգլիայէն: Կեդրոնի իրաւարարն է Քրէյկ Փոըսըն:
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ. անոր մուտքը պիտի ըլլայ անվճար:


