Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները, իր մասնակցութիւնը բերաւ նախորդ շաբաթավերջին աւարտած «ԷՖ. ԹԻ. ԷՔՍ.-Ռոտ թու Մայեմի» ճատրակի առցանց մրցաշարքին:
Աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումին, Արոնեան, որ դարձեալ յաղթեց չինացի իր մրցակիցին` Եի Վեյին, դարձաւ մրցաշարքի տիտղոսակիր:
Նշենք, որ «ԷՖ. ԹԻ. ԷՔՍ.-Ռոտ թու Մայեմի» ճատրակի մրցաշարքը «Մելուոթըր Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի հերթական հանգրուանն է, որուն մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ` 150 հազար ամերիկեան տոլար:


