Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ վաղը` երեքշաբթի, 19 յուլիսին տեղի ունենալիք Փիւնիկ Երեւան-Տուտելանժ մրցումին մուտքը պիտի ըլլայ անվճար:
«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2022-2023 տարեշրջանին զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, հայրենի կազմը Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) պիտի հիւրընկալէ Լիւքսամպուրկի ախոյեան` Տուտելանժը:
Երեւանեան ակումբը յայտնեց, որ որպէսզի կարելի ըլլայ միասնաբար յաղթանակ տօնել, մրցումին մուտքը պիտի ըլլայ անվճար:


