Պրազիլցի յառաջապահ Ուիլիան, որ նախապէս մաս կը կազմէր Չելսիին, միացաւ լոնտոնեան այլ ակումբի մը` Ֆուլհեմին, այս մասին յայտնեց այս վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2023-ի ամառ:
Ան ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ իր նոր ակումբին հետ առաւելագոյն արդիւնքի հասնելու այս տարեշրջանին:
Նշենք, որ ան պրազիլական Քորինթիանսի ֆութպոլի սան է: