Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՏԷ) հրապարակած սեպտեմբեր ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ, առաջին հարիւրին մէջ Հայաստան ունի երեք ներկայացուցիչ:
Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ 32-րդ դիրքը, Հայկ Մարտիրոսեան` 80-րդ դիրքը, իսկ Շանթ Սարգսեան` 87-րդ դիրքը:
Առաջին դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, մինչ նախապէս Հայաստանի դրօշին տակ հանդէս եկող Լեւոն Արոնեան կը գրաւէ 8-րդ դիրքը:
Նոյնն է պարագան աղջկանց դասաւորման, ուր Էլինա Դանիէլեան 37-րդ է, Աննա Սարգսեան` 80-րդ, իսկ Լիլիթ մկրտչեան` 93-րդ:


