Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ Նանթին, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Քիլիան Էմպափէ (18-րդ եւ 55-րդ) եւ Նունօ Մենտես (68-րդ):
Արժանթինցի Լիոնել Մեսսի, որ նշանակուած երկու կոլերուն էսիսթը կատարեց, այսպիսով ցարդ տարեշրջանին մեկնարկէն սկսեալ կատարած եղաւ իր վեցերորդ էսիսթը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ մայրաքաղաքի կազմը իր տրամադրութեան տակ ունի 16 կէտ:
Նոյնքան կէտ ունեցաւ նաեւ Մարսէյ, որ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Օքսեռի դաշտէն:
Կերսոն (7-րդ) եւ Ալեքսիս Սանչես (84-րդ) նշանակեցին Մարսէյի երկու կոլերը:


