– Սերենա Ուիլիամզ
Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն
Նիւ Եորքի մէջ շարունակուող Միացեալ Նահանգներու թենիսի ախոյեանութեան (ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ») Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, տղոց աշխարհի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող ռուս Տանիիլ Մետվետեւ, որ մրցեցաւ Ու Իպինի դէմ (Չինաստան), արձանագրեց 6-4, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Դ. հանգրուանի մրցումներուն, 26 տարեկան Մետվետեւի մրցակիցը պիտի ըլլայ 25-րդ դասուած աւստրալիացի Նիք Քիրիոս, որ 6-4, 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց ամերիկացի Ճեֆրի-Ճոն Վուլֆին:
Իր կարգին, ռուսահայ Կարէն Խաչանով ապահովեց Դ. հանգրուանի իր տոմսը` յաղթելով անգլիացի Ճեք Տրէյփըրի, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով մրցումը կիսատ ձգեց, մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար ի նպաստ Խաչանովի` 6-3, 4-6 եւ 6-5:
Խաչանովի յաջորդ հանգրուանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Փապլօ Քարենիօ Պութա (Սպանիա) :
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, 23 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած 40 տարեկան ամերիկացի Սերենա Ուիլիամզ չկրցաւ շարունակել մրցաշարքը, երբ 7-5, 6-7 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց 29 տարեկան աւստրալիացի Այլա Թոմլիանովիչէն (46-րդ):
Նշենք, որ Սերենա Ուիլիամզ, նախքան այս մրցաշարքը սկսիլը, յայտարարած էր, որ պիտի լքէ թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզը: