Կապոնցի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ, Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնայէն տեղափոխուեցաւ լոնտոնեան Չելսի` երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ, յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
33 տարեկան ֆութպոլիստը այս փոխանցումէն ետք յայտարարեց, որ ինքզինք շատ ուրախ կը զգայ Անգլիա վերադառնալու համար:
Ան յունուար 2018-էն ի վեր հանդէս եկաւ լոնտոնեան այլ կազմի մը` Արսենալի հետ:
Յունուար 2022-ին ան իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ միացաւ Պարսելոնային, որուն հետ 24 մրցումի ընթացքին նշանակեց 13 կոլ: