Քոսովոյի մայրաքաղաք Փրիսթինայի մէջ տեղի ունեցած Քոսովօ-Հայաստան մրցումը, որ կ՛իյնայ 2023-ի աղջկանց Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Զ. խմբակին 9-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով, 2-1 արդիւնքով:
Մրցումին երեք կոլերն ալ նշանակուեցան Քոսովոյի ֆութպոլիստներուն կողմէ` նկատի ունենալով, որ այդ կոլերէն մէկը եղաւ ինքնակոլ:
Նշենք, որ հայրենի կազմը, որ ցարդ իր կատարած բոլոր 9 մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած է, նշանակած է միակ կոլ մը եւ իր բերդին մէջ ստացած… 64 կոլ:
Հայաստանի վերջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Պելճիքա: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 6 սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ:


