Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ կ՛ուզէ երկարաձգել ֆրանսացի իր յառաջապահին` Քարիմ Պենզեմայի պայմանագրութիւնը:
Նշուեցաւ, որ շատ հաւանաբար, ֆութպոլիստը շուտով ստորագրէ նոր պայմանագրութիւն մը, որ իր աւարտին կը հասնի 2023-ին:
Ակումբին նախագահն ու մարզիչը գոհ ըլլալով Պենզեմայի խաղարկութենէն, կը փափաքին անոր պայմանագրութեան ժամկէտը երկարաձգել:
Նշենք, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան, ան ցարդ իր կազմին հետ չորս մրցումի ընթացքին նշանակած է չորս կոլ: