Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ Զինետտին Զիտանի որդին` Լուքա Զիտան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ սպանական Էյպարի հետ, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին:
24 տարեկան սպանացի բերդապահին ստորագրած պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի 30 յունիս 2024-ին:
Նշենք, որ Լուքա, որ հանդէս պիտի գայ թիւ 25 մարզաշապիկով, անցեալին հանդէս եկած է նաեւ սպանական երկու այլ ակումբներու` Ռասինկի եւ Ռայօ Վայեքանոյի հետ: