Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի կատարած ոտնձգութիւններուն պատճառով, Նոա ֆութպոլի ակադեմիայի երկու սաներ նահատակուեցան նախորդ 13 սեպտեմբերին, այս մասին յայտնեց հայկական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը` նախանցեալ օր:
Այդ երկու նահատակները հանդիսացան 19 տարեկան Հենրիկ Սաֆարեան եւ Հայկ Յակոբեան, նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Նոա ակումբը եւ ակադեմիան իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին Հենրիկի եւ Հայկի ընտանիքներուն: