Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը, նախորդ շաբաթ իր գումարած մէկ ժողովին, հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի երթի մրցումներուն յայտագիրը:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 խումբեր:
Ֆետերասիոնը նշեց, որ կարգ մը մրցումներուն ժամերը կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ` նկատի ունենալով, որ անոնց ուղղակի պատկերասփռումը այդ մէկը կրնայ պարտադրել:
Տարեշրջանին մեկնարկը պիտի տրուի կիրակի, 2 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16.45¬ին, երբ Ա. հանգրուանի բացման մրցումին, Շիահի իր մարզադաշտին վրայ Պէյրութ պիտի հիւրընկալէ Էլեքթրա «ԷՆ. ԷՍ. ԷՅ.»-ը:
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Պիպլոս հիւրը պիտի ըլլայ Տինամոյին, Ռոքլենտ Արենայի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան):
Երկուշաբթի, 3 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), Անդրանիկ Պէյրութ պիտի հիւրընկալէ Հուփսը, իսկ ժամը 19:30-ին, Շանվիլ` Աթլասը, Սանթրալի դաշտին վրայ (Ճիւնի):
Երեքշաբթի, 4 հոկտեմբերին, ժամը 19:30-ին, Ղազիրի իր դաշտին վրայ, Սաժես Պէյրութ պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Պէյրութը:
Այս հանգրուանի վերջին ճակատումին, երկուշաբթի, 17 հոկտեմբերին, ժամը 16:45-ին, Լիտըրզ հիւրը պիտի ըլլայ Ռիատի Պէյրութին:
Նշենք, որ ուրբաթ, 7 հոկտեմբերին արդէն իսկ մեկնարկը պիտի տրուի Բ. հանգրուանին:
Երթի մրցումները իրենց աւարտին պիտի հասնին երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերին: