Խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչ շատ հաւանաբար, որ շուտով իր պայմանագրութիւնը երկարաձգէ իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ, եւ այդ մէկը` մինչեւ 2024:
Նշուեցաւ, որ ան չի պատրաստուիր հեռանալու իր ակումբէն` նկատի ունենալով, որ ֆիզիքապէս բաւական լաւ վիճակի մէջ ըլլալով, ցարդ կրնայ բարձր մակարդակի ֆութպոլ կիրարկել:
Շատ հաւանական է, որ մատրիտեան ակումբը անոր հետ նոր պայմանագիրի ստորագրման գծով մօտիկ ապագային բանակցութիւններու սկսի:
Արքայական ակումբը կը փափաքի նաեւ, որ ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելէն ետք ակումբին մէջ մարզչական աշխատանքի մը սկսի: