Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, այսօր` շաբաթ, 24 սեպտեմբերին կը կատարէ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի իր նախավերջին մրցումը` Ուքրանիոյ դէմ, իսկ երեքշաբթի, 27 սեպտեմբերին իր վերջին մրցումը` Իրլանտայի դէմ:
Այսօրուան այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Փորթուգալէն. կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Ժոաօ Փինէյրու:
Հայրենի կազմին համար երկու մրցումներն ալ պիտի ըլլան կարեւոր` նկատի ունենալով, որ ձախողութեան պարագային խումբը պիտի փոխադրուի Գ. դասակարգ, մինչ առաջին դիրքը գրաւողը կը բարձրանայ Ա. դասակարգ:
Ներկայ դրութեամբ Հայաստան երեք կէտով կը գրաւէ Բ. դասակարգի Ա. խմբակի 4-րդ եւ վերջին դիրքը` իր կատարած չորս մրցումներէն արձանագրելով յաղթանակ մը միայն:
Խմբակին դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Սկովտիա, որ ունի 9 կէտ: Անոր կը յաջորդէ Ուքրանիա` 7 կէտով, ապա Իրլանտա` 4 կէտով: