Գերմանական մարզական մամուլին համաձայն, գերմանացի մարզիչ Թոմաս Թուխել մօտէն հետաքրքրուած է ստանձնելու Պայէրն Միւնիխի մարզիչի պաշտօնը:
Վերջերս Չելսիի կողմէ պաշտօնանկ եղած Թուխել չի փափաքիր դադար առնել եւ ամէն գնով կ՛ուզէ ակումբի մը մարզիչը նշանակուիլ:
Նշուեցաւ, որ ան նոյնիսկ համաձայն գտնուած է աւելի քիչ աշխատավարձ ստանալ, քան ինչ որ կը ստանար Անգլիոյ մէջ:


