Մանչեսթըր Եունայթըտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ մերժեց Սէուտական Արաբիան ներկայացնող ակումբներէն մէկուն առաջարկը, այս մասին յայտնեց անգլիական «Միրըր»-ը:
Աղբիւրին համաձայն, այդ ակումբը, որուն անունը չի յայտարարուիր, Ռոնալտոյին ներկայացուցած է տարեկան 240 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, ինչ որ զայն պիտի դարձնէր աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Ռոնալտօ բաւական դժգոհ է իրեն տրամադրուած շատ քիչ խաղաժամանակէն, ինչ որ յաւելեալ պատճառ կրնայ դառնալ Մանչեսթըր Եունայթըտէն անոր հեռացման:
Վերջերս, Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը` Եասեր Միսեհալ յայտնեց, որ կը փափաքի Ռոնալտոն տեսնել Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն: