Ինչպէս ծանօթ է, 20 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբեր Քաթարի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2022-ի Մոնտիալը:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք հանգրուանը շրջանցելու պարագային, ազգային խումբի իւրաքանչիւր մարզիկ պիտի ստանայ 50 հազար եւրօ:
Քառորդ աւարտական հանգրուան հասնելու պարագային` 100 հազարական եւրօ, իսկ կիսաւարտական հանգրուանի պարագային` 150 հազարական եւրօ, երրորդ դիրքը գրաւելու պարագային` 200 հազարական եւրօ, իսկ փոխախոյեան հանդիսանալու պարագային` 250 հազարական եւրօ:
Իսկ Մոնտիալի տիտղոսակիր դառնալու պարագային, Գերմանիոյ ազգային խումբի իւրաքանչիւր մարզիկի խոստացուեցաւ 400 հազար եւրօ: