Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը մտադիր է նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկել ակումբին 35 տարեկան արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին:
Ըստ ֆրանսական մարզական մամուլին, կը նշուի, որ ակումբը կը փափաքի անոր հետ իր համագործակցութիւնը շարունակել մինչեւ յունիս 2025:
Անոր այժմու պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2023:
Պաշտօնական բանակցութիւնները կրնան սկսիլ նոյեմբեր-դեկտեմբերին, Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի աւարտէն ետք:
Նշենք, որ ան ցարդ իր ակումբին հետ կատարած է 9 մրցում, նշանակած 4 կոլ եւ կատարած 7 էսիսթ: