Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Ֆապիօ Քանաւարօ նշանակուեցաւ իտալական Պենեւենթոյի գլխաւոր մարզիչ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան մինչեւ 30 յունիս 2024 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Պենեւենթոյի հետ:
Այսպիսով, 49 տարեկան Քանաւարօ առաջին անգամ ըլլալով մարզիչի պաշտօն մը կը ստանձնէ իր հայրենիքին մէջ:
Նախապէս ան 2019-ին եղած է Չինաստանի ազգային խումբի մարզիչ:
Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Պենեւենթօ 7 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 13-րդ դիրքը:


