Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնայի եւ Ֆրանսայի ազգային խումբի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն տեղափոխուելու մտադրութիւն չունի, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Մայրաքաղաքի կազմը կը մտադրէ 26 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը ձեռք ձգել, եթէ պատահի, որ այս ամառ 24 տարեկան Քիլիան Էմպափէ հեռանայ խումբէն:
Սակայն Տեմպելէ ամէն գնով մտադիր է իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել քաթալոնական ակումբին հետ:
Ան Սպանիոյ աւարտած ախոյեանութեան 32 մրցումի ընթացքին նշանակեց 8 կոլ եւ կատարեց 9 էսիսթ: