Լոնտոնեան Չելսիէն Մանչեսթըր Եունայթըտ տեղափոխուած Մէյսըն Մաունթ իր նոր ակումբին հետ պիտի կրէ թիւ 7 մարզաշապիկը, այս մասին յայտնեց մանչեսթըրեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Եունայթըտի թիւ 7 մարզաշապիկը վերջին անգամ կրած էր փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որուն պայմանագրութիւնը անիկա խզած էր նոյեմբեր 2022-ին:
24 տարեկան Մաունթ, որ Չելսիի սան է, անոր մաս կը կազմէր 2005-էն ի վեր:
Անոր հետ ան 197 մրցումի ընթացքին նշանակեց 33 կոլ եւ կատարեց 37 էսիսթ:
Նշենք, որ մարզիկներու ամառնային փոխանցման ընթացքին Մաունթ, որ այսպիսով հանդիսացաւ խումբին միացած առաջին ֆութպոլիստը, անոր հետ մինչեւ 2024-ի ամառ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց: