Անգլիական Չելսիի նախկին յետսապահ Ճոն Թերի վերադարձաւ լոնտոնեան ակումբ:
42 տարեկան անգլիացի մարզիչը, որ 1998-2017 ժամանակամիջոցին իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է Չելսիին, պիտի մարզէ ակումբին ակադեմիան:
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստին նախկին ակումբն էր Լայսթըր Սիթի, ուր ան գլխաւոր մարզիչ Տին Սմիթի օգնականն էր:
Նշենք, որ Չելսի, որ Անգլիոյ ախոյեանութեան աւարտած տարեշրջանին գրաւեց դասաւորման 12-րդ դիրքը, եօթը տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի չմասնակցի եւրոպական մրցաշարքերուն: