2023 տարուան երրորդ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին` «Ուիմպըլտըն»-ի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, աշխարհի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Քարլոս Ալքարաս նախորդ շաբաթավերջին ապահովեց Դ. հանգրուանի իր տոմսը, շուրջ չորս ժամ տեւած մրցումի մը ընթացքին, 6-3, 6-7, 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք 28-րդ դասուած չիլիցի Նիքոլա Խարիի դէմ:
1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, Ալքարաս կը մրցի 38-րդ դասուած իտալացի Մաթէօ Պերրեթինիի դէմ, որ իր անակնկալ յաղթանակը արձանագրեց 21-րդ դասուած գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւի դէմ, 6-3, 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով:
5-րդ դասուած Սթեֆանոս Ցիցիփաս (Յունաստան) իր կարգին ապահովեց Դ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-4, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Լասլօ Ճերէի դէմ (Սերպիա):
Նշենք, որ նախքան այս հանգրուանը, Ցիցիփաս մարաթոնային մրցումէ մը ետք յաղթած էր անգլիացի Էնտի Միւրէյին` 7-6, 6-7, 4-6, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով:
3-րդ դասուած ռուս Տանիիլ Մետվետեւ այս հանգրուանին իր յաղթանակը արձանագրեց հունգարացի Մարթոն Ֆուքսովիչի դէմ, 4-6, 6-3, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով:
Աղջկանց մրցումներուն գծով, թիւ 1 դասուած Իկա Սվիաթեք (Լեհաստան) Գ. հանգրուանին 6-2 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթեց Փեթրա Մարթիչի (Խրուաթիա):