Նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած Սիլվըրսթոնի կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2023-ի աշխարհի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, աւարտեցաւ աշխարհի կրկնակի ախոյեան, աւստրիական «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով, որ արձանագրեց` 1 ժամ 25′ 16” արդիւնք մը:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Մաքլարընի անգլիացի վարորդ Լանտրօ Նորիս, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց աշխարհի 7-ակի ախոյեան, «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Վերսթափեն, որ մեծ քայլերով կ՛ուղղուի դէպի ախոյեանութեան երրորդ տիտղոս, այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 255 կէտ:
Անոր խմբակից, մեքսիքացի Սերճիօ Փերեզ, 156 կէտով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը, մինչ սպանացի Ֆերնանտօ Ալոնսօ («Ասթոն Մարթին») 137 կէտով` երրորդ դիրքը:
Տարեշրջանի 12-րդ կրան փրին (ընդամէնը` 23 կրան փրի) տեղի պիտի ունենայ 23 յուլիսին` Հունգարիոյ մէջ: