Յատուկ առիթի մը ընթացքին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ «Սփինիս» ընկերութեան միջեւ գոյացաւ համագործակցութիւն:
Վերոնշեալ ընկերութիւնը պիտի ըլլայ Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբի գլխաւոր հովանաւորը` աշխարհի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով:
Այս համաձայնագիրի կնքումին ներկայ էին այդ ընկերութեան պատասխանատուները, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, այլ անդամներ եւ մարզական լրագրողներ:


