Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի 24 տարեկան ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ ճանչցուեցաւ իբրեւ 2022-2023 տարեշրջանի աշխարհի լաւագոյն յառաջապահը` ամերիկեան «Ի. ԷՍ. ՓԻ. ԷՆ.»-ի կողմէ:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի մարզիկ Վինիսիուս Ժունիոր, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց արժանթինցի Լիոնել Մեսսի (Փարիզ Սեն Ժերմեն, այժմ` Ինթեր Մայեմի):
Լաւագոյն յառաջապահի ընտրութեան մասնակցեցան 50 լրագրողներ:
Իսկ կեդրոնի լաւագոյն յառաջապահ ճանչցուեցաւ Մանչեսթըր Սիթիի 22 տարեկան նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ:


