Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Ռէալ Մատրիտի հետ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը ֆրանսական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024:
Էմպափէով բաւական մօտէն հետաքրքրուած է նաեւ Լիվըրփուլ: