Կեդրոնի պաշտպան Համլեթ Ասոյեան հեռացաւ Չարենցաւանի Վան խումբէն, ըստ ակումբի մամլոյ ծառայութեան:
Ակումբին եւ ֆութպոլիստին միջեւ պայմանագրութիւնը խզուած է երկու կողմերուն համաձայնութեամբ:
Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Համլեթ Ասոյեան անցեալ տարեշրջանի ամրան միացած էր Վանի` միանալով Արցախ խումբէն:
Համլեթ Ասոյեան մաս կազմած է նաեւ ՀՄԸՄ Պէյրութի ներկայացուցչական խումբին` 2017-ին եւ 2018-ին, երբ խումբը Բ. դասակարգին մաս կը կազմէր: Ան նախապէս մարզիկ եղած է նաեւ Կապանի Գանձասար խումբին, Սեւանի եւ Լեռնային Արցախի խումբերուն հետ: Ան 17-էն վար, 19-էն վար եւ 21-էն վար ազգային խումբերուն ալ մաս կազմած է:
Անոր հայրը` Արթուր Ասոյեան, որ այժմ Սիւնիքի օգնական մարզիչն է, իր կարգին 1999-2001 թուականներուն մաս կազմած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ներկայացուցչական խումբին, որ այդ ժամանակ առաջին դասակարգին մաս կը կազմէր:


