Զուիցերիական Սաուպըր «Ֆորմիւլա 1»-ի խումբը յայտարարեց, թէ 2024 եւ 2025 տարիներուն իրենց խումբը Սթէյք Ֆ1 անունով պիտի մասնակցի կրան փրիներուն, ի վերջոյ` 2026-ին դառնալով Աուտի խումբը:
Խումբը անցեալ տարի Ալֆա Ռոմէօ անունով մասնակցեցաւ, բայց Սթելլանթիսի մաս կազմող վաճառանիշը այժմ լքած է խումբը: Սթէյք ընկերութիւնը, որ ունի առցանց Քազինօ, ժամանցի եւ նորաձեւութեան բաժիններ, պիտի ըլլայ Սաուպըրի հիմնական հովանաւորը, որ կը հովանաւորէ նաեւ Անգլիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր լիկ»-ի Էվըրթըն խումբը եւ կապեր ալ ունի քանատացի երգիչ Տրէյքի հետ:
Խումբի ներկայացուցիչ Ալեսանտրօ Ալուննի Պրաւի յայտնեց, որ անցեալ տարուան վերջին կրան փրիի աւարտէն ետք Ապու Տապիի մէջ արդէն Սթէյքի հետ կապը սկսած էր, եւ թէ Աուտի անունը մինչեւ 2026 ինքնաշարժին վրայ պիտի չօգտագործուի:
Խումբին երկու վարորդները` Վալթերի Պոթաս եւ Կուանեու Ժու պիտի մնան խումբին հետ, եւ նոր ինքնաշարժը` Սաուպըր Սի 44-ը, Լոնտոնի մէջ պիտի յայտարարուի փետրուարի սկիզբը: