ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ակումբներու ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի վերադարձաւ Անգլիա եւ կատարեց իր առաջին մրցումը չորեքշաբթի գիշեր, Լիվըրփուլ քաղաքին մէջ` Էվըրթընի դաշտին վրայ:
29-րդ վայրկեանին Ճեք Հերիսըն բացաւ մրցումին հաշիւը ի նպաստ Էվըրթընի, բայց Կուարտիոլայի տղաքը Բ. կիսախաղի 8-րդ վայրկեանին փոխադարձեցին շնորհիւ Ֆիլ Ֆոտընի, ապա Խուլիան Ալվարեսի (փենալթիով) եւ Պեռնարտօ Սիլվայի: Սիթի, որ Սէուտական Արաբիայէն վերադառնալէ ետք (4-0 արդիւնքով յաղթած էր Ֆլումինեսէի) մրցում չէր կատարած Անգլիոյ մէջ եւ հեռացած էր պարագլուխի խումբերէն, պայքարեցաւ Էվըրթընի դէմ, որուն բերդապահ Ճորտըն Փիքֆորտը շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ:
Չելսի 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քրիսթըլ Փելեսը, մինչ Պրենթֆորտ 1-4 արդիւնքով իր դաշտին վրայ ծանր պարտութիւն մը կրեց Վուլվզէն:
20-րդ հանգրուանի մրցումները կը սկսին վաղը, ուր Սիթի պիտի հիւրընկալէ Շեֆիլտ Եունայթըտը, մինչ Մանչեսթըր Եունայթըտը կը մեկնի Նոթինկհամի «անտառ»-ը` մրցելու Նոթինկհամ Ֆորեսթի դէմ: Էվըրթըն պիտի մրցի Վուլվզի դաշտին վրայ, մինչ Լիւթըն կը հիւրընկալէ Չելսին:


