Այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, «Տեմիրճեան» կեդրոնի պասքեթպոլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները պիտի կատարեն երթի իրենց վերջին մրցումը` Անդրանիկի դէմ:
9-րդ հանգրուանի վերջին այս մրցումով վերջ կը գտնեն երթի մրցումները եւ անմիջապէս երեքշաբթի օր կը սկսին դարձի մրցումները` Նոր տարուան 2-րդ օրը:
Երեքշաբթի գիշեր ժամը 21:00-ին Հուփս պիտի մրցի ՀՄԸՄ Անթիլիասի դէմ, Նահր Մոթի «Միշել Մըր» կեդրոնի պասքեթպոլի դաշտին վրայ:
Յոյսով, որ մեր աղջիկները կը շարունակեն իրենց յաղթական երթը եւ կ՛արձանագրեն յաջորդական 2 յաղթանակ:
Ստորեւ` դասաւորումը 9 մրցումներէն ետք.
1.- Պէյրութ 9 յաղթանակ 0 պարտութիւն 639-383
2.- Ռիատի 8 յաղթանակ 1 պարտութիւն 659-307
3.- ՀՄԸՄ Անթիլիաս 6 յաղթանակ 2 պարտութիւն 408-337
4.- Հուփս 5 յաղթանակ 4 պարտութիւն 454-480
5.- Չեմփս 5 յաղթանակ 4 պարտութիւն 467-404
6.- Անդրանիկ 4 յաղթանակ 4 պարտութիւն 395-462
7.- Մըթայլէպ 3 յաղթանակ 6 պարտութիւն 484-588
8.- Շիյեահ 2 յաղթանակ 7 պարտութիւն 380-514
9.- Թաատոտ 1 յաղթանակ 8 պարտութիւն 330-530
10.- Էն. Էս. Էյ. 0 յաղթանակ 9 պարտութիւն 351-597
Նշենք, որ տղոց դարձի մրցումները կը սկսին չորեքշաբթի, 3 յունուարին, ուր ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը պիտի հիւրընկալեն Մարիսթը (Շանվիլ) Մըզհերի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ժամը 21:45-ին:


