Անդրանիկ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 53-57
Այսօր երեկոյեան ժամը 21:45-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ պիտի հիւրընկալէ Շանվիլը, Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան դարձի մրցումներուն գծով իր առաջին մրցումին:
Երթին Շանվիլ 98-90 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, եւ աւելի լաւ կ՛ըլլայ, եթէ 9 կէտի առաւելութեամբ ՀՄԸՄ-ի տղաքը յաղթեն, առնուազն «Ֆայնըլ 4»-ի մնալու պարագային, եւ եթէ կէտերը հաւասարին, երկու խումբերը կրնան բաժնել կէտերու այս առաւելութիւնը:
Եթէ նկատի ունենանք երթի արդիւնքները, Սաժես, Ռիատի եւ Պէյրութ մնացեալ խումբերէն առնուազն 2 մրցումի առաւելութիւն ունին, եւ դժուար թէ զիջին առաջին 3 դիրքերը:
ՀՄԸՄ-ի տղոց կը մնայ պայքարիլ այդ դիրքին համար, կամ եթէ երթէն աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք բերենք մեր նոր օտար մարզիկին միացումով` ինչու չէ 3-րդ դիրքին ալ կրնանք հասնիլ: Այժմ մրցում առ մրցում պէտք է ամէն մրցումի հետ վարուինք իբրեւ աւարտականի մրցում, եւ կեդրոնանանք քիչ սխալներով, եւ հանգիստ ձեւով մրցումներու յաղթենք` սկսելով այսօրուան Շանվիլի մրցումէն:
– Շաբաթ օր, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը 57-53 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Անդրանիկի դաշտին վրայ: Արդիւնքը մօտեցաւ վերջին մասին, մանաւանդ որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիչը 10 մարզիկներ դաշտ ներկայացուց` բոլորին հանգստացնելու համար: Կիսախաղին 28-16, ահա 3-րդ մասի աւարտին 43-29 արդիւնքով յաղթական էին ՀՄԸՄ Անթիլիասի մեր աղջիկները:
Փաթիլ Ասատուրեան 32 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 5 ռիպաունտ եւ 3 սթիլ: Փերլա Նասր 6 կէտ նշանակեց եւ ձեռք ձգեց 15 ռիպաունտ: Եաշա Զէյնուն 4 կէտ նշանակեց` կատարելով 6 ռիպաունտ, 6 էսիսթ եւ 4 սթիլ: