Այսօր կը սկսին «Սերի Ա.»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումները, ուր պարագլուխի դիրքը գրաւող Ինթեր Միլան, որ 4 կէտի առաւելութիւն մը ունի Բ. դիրքը գրաւող Եուվենթուսի վրայ, պիտի մեկնի Իտալիոյ Ճենովա քաղաքը` մրցելու տեղւոյն ակումբին դէմ, Միլանոյէն 152 քմ հեռու:

Ճենովա, որ 13րդ դիրքը կը գրաւէ, 2 շաբաթ առողջ հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Եուվենթուսի հետ նոյն իր դաշտին մէջ: Ան պիտի փորձէ դժուար մրցակից մը ըլլալ Ինթերի դէմ ալ, մանաւանդ որ Ինթերէն կը բացակային Խուան Քուատրատօ եւ Ֆետերիքօ Տիմարքօ, մինչ Լաութարօ Լաութարօ Մարթինեզ թեթեւօրէն վիրաւորուած ըլլալով թերեւս բացակայի:
Անցեալ տարուան ախոյեան Նափոլի պիտի հիւրընկալէ Մոնզան: Նափոլի 7-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ Մոնզա, որ վերջերս շատ լաւ ելոյթ չ՛ունենար, կը գրաւէ 11-րդ դիրքը: Վաղը կը շարունակուին միւս մրցումները. կարեւորագոյն ճակատումին պիտի հիւրընկալէ Ա. Էս. Ռոման:
Ռոմա, որ վերջին 5 մրցումներուն 3 յաղթանակ, 1 հաւասարութիւն եւ պարտութիւն մը ունի (Պոլոնիայէն), Մուրինիոյի հետ սկսաւ ինքզինք վերագտնել, մինչ Եուվէ իր դաշտին վրայ միակ անյաղթ խումբն է «Սերի Ա.»-ի մէջ:
Ստորեւ` 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՕՍՐ
Նափոլի – Մոնզա
Ֆիորենթինա – Թորինօ
Ճենովա – Ինթեր Միլան
Լացիօ Ռոմա – Ֆրոզինոնէ
ՎԱՂԸ
Աթալանթա – Լեչէ
Ուտինեզէ – Պոլոնիա
Քալիարի – Էմփոլի
Ա. Էս. Միլան – Սասուլօ
Վերոնա – Սալերնիթանա
Եուվենթուս – Ա. Էս. Ռոմա


