Ռիատիի Տղաքը Յաղթեցին Սաժեսի Դաշտին Վրայ
Վաղը, երեկոյեան ժամը 16:00-ին, «Տեմիրճեան» կեդրոնի պասքեթպոլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները պիտի կատարեն իրենց երթի վերջին մրցումը Անդրանիկի դէմ, 9-րդ հանգրուանի գծով վերջին մրցումին:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը գրաւէ 3-րդ դիրքը` 6 յաղթանակով եւ 2 պարտութեամբ, մինչ Անդրանիկ կը գրաւէ 6-րդ դիրքը` 4-րդ դիրքը գրաւող Չեմփսի եւ Հուփսի (5-րդ) նման 4 յաղթանակով եւ 4 պարտութեամբ:
Նշենք, որ այս հանգրուանը սկսած էր երեքշաբթի, Ռիատի – Պէյրութ մրցումով (53-56), որուն ընթացքին Ռիատի 3 կէտի տարբերութեամբ պարտուած էր իր դաշտին վրայ` ախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ մրցումին:
Մրցումին աստղերն էին ՀՄԸՄ Անթիլիասի նախկին անդամներ Ռեպեքա Աքլ (Լիբանանի թիւ 1 մարզիկը, այժմ` Ռիատի) (28 կէտ եւ 6 ռիպաունտ) եւ Պէյրութէն Նաթալի Սվաճեան (18 կէտ, 6 ռիպաունտ) – Այրա Պախոս (18 կէտ, 9 ռիպաունտ) զոյգը:
Տղոց ախոյեանութեան երթի վերջին մրցումը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի գիշեր, Ղազիրի մէջ, ուր 90-ականներու լաւագոյն խումբերէն Սաժես, որ 8 յաջորդական մրցումներու յաղթած էր, անակնկալ պարտութիւն մը կրեց ախոյեան Ռիատիէն` 68-71 արդիւնքով:
Արդիւնքը թերեւս անակնկալ չէր, բայց մրցումի առաջին մասը քիչ մը շատ կորսուած մթնոլորտ կար մանաւանդ Սաժեսի կողմէ, որ 7 կէտ նշանակեց միայն Ռիատիի 17-ին դիմաց: Մրցումին սկիզբը 17 կէտը շատ քիչ կը թուէր, բայց Սաժես, որ հետզհետէ մթնոլորտին մէջ մտաւ, 20 կէտէն աւելի չկրցաւ նշանակել, երբեմն լաւ պաշտպանողական խաղի պատճառով, երբեմն ալ դիւրին կամ համեմատաբար «հանգիստ» կողովներ կորսնցուցին երկու խումբերն ալ:
Սաժես 10 մարզիկներով խաղցաւ պահեստի 7-էն 5-ն ալ գործածելով, մինչ Ռիատի 9 մարզիկներով խաղցաւ: Նոյնիսկ Ամիր Սէուտը, որ հանգիստ չէր, չմասնակցեցաւ այս մրցումին:
Փիեռ Ճեքսըն 17 կէտ, 7 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ կատարեց, բայց 6 թըրնովըր ալ կատարելով եղաւ Սաժեսի լաւագոյն մարզիկը: Օմար Ժամալէտտին 13 կէտ եւ 6 ռիպաունտ ձեռգ ձգեց, մինչ Ահմետ Իպրահիմ (11 կէտ) եւ Պասել Հարֆուշ (11 կէտ) եղան կանաչներու լաւագոյն մարզիկները:
Ռիատիէն ամէնէն աւելի փայլեցան պոսնիացի սենթըր ԷԼմետին Քիքանովիչ (17 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) Մեննի Հերիս (14 կէտ, 13 ռիպաունտ) եւ Ուաէլ Արաքժի (13 կէտ, 8 էսիսթ եւ 7 ռիպաունտ):
Ռիատի այժմ Պէյրութի նման 7 յաղթանակի 2 պարտութիւն ունի, բայց կը գրաւէ 2-րդ դիրքը` յաղթած ըլլալով Պէյրութի, մինչ «ֆայնըլ 4»-ի 4-րդ դիրքը կը գրաւէ Շանվիլ, որ 2 յաղթանակ, 4 պարտութիւն ունի ՀՄԸՄ-ի նման, որովհետեւ 8 կէտի առաւելութեամբ յաղթած է մեր տղոց: Մեր տղաքը յառաջիկայ չորեքշաբթի պիտի մրցին Շանվիլի դէմ, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, գիշերուան ժամը 21:45-ին: Պէտք է 9 կէտ կամ աւելի տարբերութեամբ յաղթենք Շանվիլին, եթէ ապագային պատահի, որ երկու խումբերը նոյնքան կէտ հաւաքած ըլլան, եւ դիմուի թայ-պրէյքըրի:


