Մըրենթ Կը Փայլի Սփըրզի Դէմ
«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Օքլահոմա Սիթի Սենթըր կարեւոր յաղթանակ մը եւս արձանագրեց, այս անգամ` «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգած Պոսթըն Սելթիքսի վրայ` 127-123 արդիւնքով:
Օքլահոմա առայժմ յաղթած է իր վերջին 9 մրցումներէն 8-ն, որոնց կարգին 2 յաղթանակ Տենվըր Նակեթցի վրայ, Լոս Անճելըս Քլիփըրզի յաղթանակներու շարքը կտրող յաղթանակը, ինչպէս նաեւ արեւմտեան շրջանի լաւագոյն խումբին Մինեսոթայի դէմ յաղթանակը:
Այս մրցումին յաղթանակը սակայն դժուար իրականացուեցաւ, բաղդատմամբ Մինեսոթայի (23 կէտով) եւ Տենվըրի (26 կէտով) մրցումներուն: Օքլահոմա, որ 18 կէտի առաւելութիւն ունէր 4-րդ մասին, բաւական դժուարութիւն ունեցաւ, մանաւանդ որ Պոսթըն 2 կէտի նուազեցուց տարբերութիւնը, բայց Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր եւ ընկերներ դիմադրեցին եւ կրցան յաղթական դուրս գալ:
Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 36 կէտ եւ 7 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Ճոշ Կիտի (23 կէտ, 8 ռիպաունտ) Ճէյլըն Ուիլիըմզ (16 կէտ) եւ Չեթ Հոլմկրըն (14 կէտ, 7 էսիսթ) եղան այլ աստղեր, որոնք փայլեցան Թանտըրի կողմէ:
Պոսթընի լաւագոյն մարզիկներն էին Քրիսթափս Փորզինկիս (34 կէտ, 10 ռիպաունտ), Ճէյսըն Թէյթըմ (30 կէտ, 13 ռիպաունտ, 8 էսիսթ) Տերեք Ուայթ (19 կէտ) եւ Ճէյլըն Պրաուն (15 կէտ):
Ճա Մըրենթ 26 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց եւ 4-րդ մասին տանք մը` Վիքթոր Ուեմպանեամայի վրայ, իսկ Տեզմընտ Պէյն աւելցուց 24 կէտ ի նպաստ Մեմֆիս Կրիզլիզի, որ 2-րդ կիսախաղին բարելաւելով իր խաղարկութիւնը կրցաւ յաղթել Սան Անթոնիօ Սփըրզին:
Սանթի Ալպամա աւելցուց 13 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ի նպաստ Մեմֆիսի, որ 3 յաջորդական պարտութենէն ետք վերագտաւ ինքզինք:
Ֆրանսացի Ուեմպանեամա 20 կէտ, 7 ռիպաունտ եւ 4 պլոք կատարեց ի նպաստ Սփըրզի:
Մըրենթ դաշտի համակիրները ոտքի հանեց 4-րդ մասին, երբ աջ կողմէն մտաւ, ձախ կտրելով տանք մը իրագործեց 2,24 մեթր հասակ ունեցող 19 տարեկան «Ուեմպի»-ի վրայէն, մարզիկ մը, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի թիւ 1 պլոք ընողն է:
«Լաւ մարզիկ է: Շատ կարճ, այդ պատճառով ալ դժուար է հասնիլը իրեն: Շատ արագ: Ամէն գիշեր «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ այսպիսի մարզիկներ կ՛ունենամ իմ դէմս», ըսաւ «Ուեմպի»` Մըրենթի մասին խօսելով: 24 տարեկան Մըրենթ, 1,88 մեթր է եւ «կարճ» կը նկատուի «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ:
Ամէն անգամ որ գնդակը Մըրենթի հետ ըլլար, համակիրները կը սպասէին տանքի մը, բայց Մըրենթ ըսաւ, թէ այդ մէկը կարեւոր չէ:
«Այդ վայրկեանը պարզապէս պահ մըն էր, երբ մէկը ինծի կը հսկէ: Նախկինին նման տանք չեմ ըներ, ինչպէս կ՛ընէի: Կարեւորը նշանակելն է, ձեւը գտնելն է», ըսաւ Մըրենթ:
Ժոել Էմպիիտ (Ֆիլատելֆիա) թրիփըլ տապըլ իրագործեց 4 մրցում բացակայելէ ետք` նշանակելով 31 կէտ, 15 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ:
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ մրցումին սկիզբէն մինչեւ աւարտ առիթ չտուաւ Շիքակօ Պուլզին, որ մօտենայ: Պահ մը 31 կէտի առաւելութիւն մըն ալ ունեցաւ Շիքակոյի վրայ, սակայն Շիքակօ 3-րդ եւ 4-րդ մասին իր կարելին ըրաւ, բայց մրցումը վերջ գտաւ 110-97 արդիւնքով:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Պրուքլին Նեթց 112-85
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Շիքակօ Պուլզ 110-97
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Պոսթըն Սելթիքս 127-123
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 106-98
Սաքրամենթօ Քինկզ – Չարլոթ Հորնեթց 104-111
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 121-115



