Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էն. Պի. Էյ. Մինեսոթա Կ՛օգտուի Լենըրտի Վնասուածքէն

Մարտ 14, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քուայ Լենըրտ կռնակի ցաւ ունենալուն պատճառով դաշտը լքեց երկրորդ մասի սկիզբը: Մայք Քոնլի 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթայի, որ կրցաւ փախուստ տալ իր յաջորդական 3-րդ պարտութենէն: 2-րդ մասին 57-35 արդիւնքով ետ մնալէ եւ Լենըրտի հեռանալէն ետք, Մինեսոթա ձեռք առաւ մրցումը եւ ամբողջովին տիրապետեց` արձանագրելով խումբի մեծագոյն վերադարձներէն մէկը 2012-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով:

Քոնլի 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց ի նպաստ Թիմպըրվուլվզի, որ 2 օր առաջ նոյն դաշտին վրայ պարտութիւն մը կրած էր Լոս Անճելըս Լէյքըրզէն: Ռուտի Կոպեր 8 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` իր կարգին վիրաւորուելով եւ կանուխ լքելով մրցումը:

Փոլ Ճորճ (22 կէտ) եւ Ճէյմս Հարտըն (12 կէտ) եղան Քլիփըրզի լաւագոյն մարզիկները, սակայն իրենց խումբը յաջորդական երկրորդ պարտութիւնը կրեց:

Միլուոքի Պաքս Սաքրամենթոյի մէջ ծանր պարտութիւն մը կրեց` տեղի տալով 129-94 արդիւնքով:

Եաննիս Անթեթոքումփօ 30 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, բայց Պաքս 24-րդ պարտութիւնը կրեց: Տը՛Արոն Ֆոքս 29 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քինկզի, որ իր 37-րդ յաղթանակը ձեռք ձգեց:

Պոսթըն Սելթիքս Եութայի մէջ կրցաւ 123-107 արդիւնքով յաղթել տեղւոյն Ճեզին:

Ճէյսըն Թէյթըմ 38 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սելթիքսի, որ 5 օտար դաշտերու վրայ մրցումները աւարտեց 3 յաջորդական յաղթանակով:

Տերէք Ոայթ նշանակեց 7 յաջող 3 կէտնոց կողովներ` ի նպաստ Պոսթընի (ընդամէնը 24 կէտ), մինչ Եութայի կարտ Քիյոնթէ Ճորճ 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներով (26 կէտ) եղաւ Եութայի լաւագոյն մարզիկը:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Նիւ Եորք Նիքս – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 106-79
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Ինտիանա Փէյսըրզ 111-121
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 109-97
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 101-103
Եութա Ճեզ – Պոսթըն Սելթիքս 107-123
Սաքրամենթօ Քինկզ – Միլուոքի Պաքս 129-94
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 100-118

 

Նախորդը

Ուրկէ՞ Հասանք, Դէպի Ո՞ւր – 2 . Վնասաբեր Ընելիքնե՞ր` Շա՜տ Ունին…

Յաջորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Արսենալ Եւ Պարսելոնա Հասան Քառորդ Աւարտական

RelatedPosts

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը
Մարզական

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին
Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.».  Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?