Անգլիոյ Արսենալ ակումբը, որ 6 տարիէ ի վեր կը բացակայէր «Չեմփիընզ լիկ»-էն, փենալթիներով կրցաւ դուրս ձգել Փորթուգալի Փորթօ ակումբը, երբ երկու խումբերն ալ իրենց դաշտերուն վրայ 1-0 արդիւնքով աւարտեցին իրենց մրցումները:
Արսենալի երիտասարդ խումբը Միքել Արթեթայի հետ բաւական գեղեցիկ յարձակողական ֆութպոլ կը խաղայ 2 եղանակէ ի վեր, եւ այժմ կը գրաւէ «Փրեմիեր լիկ»-ի առաջին դիրքը:
Երեքշաբթի գիշեր լոնտոնեան կազմը փորձեց կանուխ կոլ նշանակել, բայց Փորթօ շատ լաւ կազմակերպուած ֆութպոլ կը խաղար եւ պայքար մղեց թէ՛ պաշտպանելով եւ թէ՛ ալ հակայարձակումներ կազմակերպելով, բայց Արսենալի բերդապահ Տաւիտ Ռայա մնաց անդրդուելի:
Խմբապետ Մարթին Օտըկարտ եղաւ Արսենալի «տինամօ»-ն, որ ամբողջ միջնապահ գիծը շարժեց դէպի առջեւ խելացի փոխանցումներով: Այդ փոխանցումներէն մէկէն օգտուելով, Լէանտրօ Թրոսար, որ կը խաղար վիրաւոր Կապրիէլ Մարթինելլիի փոխարէն, 41-րդ վայրկեանին կրցաւ գնդակը զետեղել Տիոկօ Քոսթայի բերդին մէջ` խաբելով 41 տարեկան Փորթոյի խմբապետ Փեփեն:
Պէտք է ըսել, որ Օտըկարտ կոլ մը եւս նշանակեց, սակայն իրաւարարը ֆաուլ նկատած էր գերմանացի Քայ Հաւերթցի վրայ:
Արսենալ շատ փորձեց գրաւել Փորթոյի բերդը, սակայն Փորթօ լաւ ձեւով պաշտպանուեցաւ եւ դիմացաւ մինչեւ փենալթիները:
Օտըկարտ հանդարտօրէն նշանակեց Արսենալի առաջին փենալթին: Փեփէ նշանակեց, արդիւնք` 1-1: Քայ Հաւերթց` 2-1: Ուենտել, որ մրցումի ընթացքին լաւ պաշտպանած էր Սաքայի դէմ, գնդակը ուղարկեց Արսենալի բերդի ձախ սիւնին, որմէ ետք անիկա դպնալով բերդապահ Ռայային դուրս ելաւ: Պուքայօ Սաքա` 3-1: Մարքօ Կրուժիչ` 3-2: Տեքլըն Ռայս հանդարտօրէն նշանակեց Արսենալի 4-րդ փենալթին: Ուենտերսոն Կալենօ հարուածեց Փորթոյի 4-րդ փենալթին, որ լաւապէս զսպուեցաւ բերդապահ Ռայայի կողմէ` մրցումը աւարտելով 4-2 փենալթիներու արդիւնքով:
Այսպիսով, 2010-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Արսենալ յաջողեցաւ հասնիլ «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտական:
Օրուան երկրորդ մրցումին, Պարսելոնա Սպանիոյ մէջ կը հիւրընկալէ Իտալիոյ ախոյեան Նափոլին:
Երթին 1-1 արդիւնքով աւարտած Պարսելոնա կրցաւ իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով յաղթել եւ քառորդ աւարտական հասնիլ վերջին 4 տարիներուն առաջին անգամ ըլլալով:
Ֆերմին Լոփես եւ Ժուաօ Քանսելօ նշանակեցին կանուխ կոլեր, եւ կիսախաղ չեղած, Ամիր Ռահմանի նշանակեց Նափոլիի 2-1-ի կոլը: Բ. կիսախաղին Ռոպերթ Լեվանտովսքի ապահովեց յաղթանակը` նշանակելով Պարսայի 3-րդ կոլը:
Նափոլի երբեք յաղթանակ չէր արձանագրած իր նախկին ելոյթներուն (5 անգամ), եւ արդիւնքը կը նմանէր 2020-ի արդիւնքին (3-1):
Այդ տարին վերջինն էր, երբ Պարսելոնա նաք-աութի մրցում կը շահէր: «Շատ ուրախ եմ, Պարսելոնա Եւրոպայի լաւագոյն 8-ին մէջ է: Արդար արդիւնք էր, եւ մենք գերազանցեցինք թէ՛ յարձակումներով եւ թէ՛ պաշտպանողական գիծով, բայց Նափոլին ալ շատ լաւ մրցում ունեցաւ: Ուրախ եմ հոս հասնելու. նայինք վիճակաձգութիւնը որո՛ւ դէմ կը հանէ մեզի: Հպարտ եմ, որ քառորդ աւարտական կը հասնինք` տարիներ շարունակ հեռու մնալէ ետք», ըսաւ Պարսայի մարզիչ Չաւի Հերնանտես:


