Լեհաստանի Վարշաւա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Լեհաստանի բաժակ» մրցաշարքը, որ կը ներառէր 4 տարբեր մրցաձեւեր` 1 օրուան ընթացքին:
Բաւական բուռն պայքարէ ետք, Հայաստանի հեծելարշաւի հաւաքականը պատուաբեր արդիւնքներով դուրս եկաւ:
Վահէ Վիրապեան (19 տարեկան) գրաւեց 3-րդ դիրքը 23 տարեկանէն վար մրցումներուն, իսկ Արթուր Վարելջեան, որ մեծերու մրցումներուն մասնակցած էր, գրաւեց 4-րդ դիրքը:


