Լուքա Նարտի, որ բախտի բերմամբ կրցաւ մասնակցիլ Ինտիըն Ուէյլզի (Քալիֆորնիա) թենիսի տղոց մրցաշարքին, երէկ առաւօտեան ժամերուն կրցաւ անակնկալի մատնել աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչը, 6-4, 3-6 եւ 6-3 արդիւնքով:
Նարտի, որ 123 դասուած իտալացի թենիսմենն է, էյսով աւարտեց իր մրցումը եւ ռաքեթը գետին նետելով աչքերը փակեց ձեռքերով: «Ասիկա հրաշք մըն է: 20 տարեկան եմ, 100-րդ աշխարհի, կը յաղթեմ Նովաքին… Շատ զարմանալի է, անհաւատալի», ըսաւ Նարտի, որուն պատանեկան նախասիրած մարզիկն էր Ճոքովիչ:
Նարտի Ինտիըն Ուէյզ մրցաշարքի զտումի մրցումներէն դուրս մնացած էր վերջին մրցումին պարտուելով: Բայց վերջին օրը, երբ թիւ 30 դասուած թենիսմեն Մարթին Էչեվերի ստիպուեցաւ քաշուիլ մրցաշարքէն. ան (Նարտի) վերստին նկատի առնուեցաւ: 2018-էն ի վեր Ճոքովիչ չէր պարտուած այսքան ստորադաս թենիսմենէ: Վերջին անգամ Մայեմիի մէջ (2008-ին) թիւ 122 թենիսմեն Քեւին Անտերսոն անակնկալի բերած էր Ճոքովիչը:
«Մինչեւ այսօր ոչ մէկը գիտէր ինծի: Յուսամ համակիրները լաւ մրցումի ականատես եղան: Ես շատ ուրախ եմ այս մրցումով», ըսաւ Նարտի, որ այժմ իր դէմ պիտի ունենայ ամերիկացի Թոմի Փոլը` 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն: