«Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ մրցակցութիւնը կը սրի, մանաւանդ որ փլէյ օֆի մրցումները կը մօտենան, եւ խումբեր իրար դէմ կը պայքարին ապահովելու փլէյ օֆին ուղղակի հասնելու իրենց տոմսերը:
Այդ խումբերէն մէկն է Ֆինիքս Սանզ, որ Տեւըն Պուքըրի վերադարձով կրցաւ աւելի «լուրջ» խումբ ըլլալ: Քեւըն Տիւրենթ առանձին կը փորձէր իր կարելին ընել խումբը առաջնորդելու, բայց իր խմբակիցներէն բաւարար օգնութիւն չստանալով յաճախ կը ձախողէր: Երէկ, Օհայոյի մէջ, Քլիվլընտի դաշտին վրայ եւ մրցումի առաջին կէսին ետ մնալէ ետք Քեւելիրզի դէմ 19 կէտով, Ֆինիքս Սանզ կրցաւ պայքարիլ մինչեւ մրցումի աւարտը եւ 117-111 արդիւնքով յաղթական դուրս գալ` իր դաշտէն դուրս մրցումներու շարքը յաղթանակով սկսելով Արեւելեան շրջանին մէջ:
Տիւրենթ 37 կէտ ձեռք ձգեց, իսկ Պուքըր աւելցուց 27 կէտ, 4 մրցումներ բացակայելէ ետք: Տիւրենթ 8 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ ալ ձեռք ձգեց ի նպաստ Սանզի, որ 1 մրցումով անցաւ Սաքրամենթոյին` Արեւմտեան շրջանի 6-րդ դիրքին վրայ: Նշենք, որ փլէյ օֆի կը մասնակցին 8 խումբ արեւելքէն եւ 8 խումբ արեւմուտքէն, սակայն առաջին 6 դիրքերը գրաւող խումբերը` 82 մրցումներէ ետք, ուղղակիօրէն կը հասնին փլէյ օֆի, մինչ 7-րդ դիրքէն 10-րդ դիրքի վրայ գտնուող խումբերը իրար դէմ կը մրցին փլէյ ին մրցաշարքի ձեւով, այդ մրցաշարքէն 2 խումբեր միայն կը հասնին փլէյ օֆի: Քլիվլընտ 3-րդ դիրքը կը գրաւէ Արեւելեան շրջանի մէջ, Պոսթընի եւ Միլուոքիի ետին:
Պրետլի Պիլ (24 կէտ), Կրէյսըն Էլըն (14 կէտ) եւ Եուսուֆ Նուրքիչ (9 կէտ եւ 8 ռիպաունտ) եղան Ֆինիքսի լաւագոյններէն: Ֆինիքս այժմ ունի Պոսթըն Սելթիքսը եւ Միլուոքի Պաքսը: «Առիթ ունինք ըլլալու լաւագոյններէն Տիւրենթի, Պուքըրի եւ Պիլի հետ, եւ վերջապէս` անոնք միասին կրցան խաղալ: Այսպիսի մրցումներ շատ դժուար կ՛ըլլան, բայց երբ տեսնես ի՛նչ գործ կը տանին Տեւընի հետ, մանաւանդ որ 4 մրցումէ ի վեր չկար: Շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ», ըսաւ Ֆինիքսի մարզիչ Ֆրանք Վոկել:
Տարիըս Կարլենտ (30 կէտ) եւ Քերիս Լըվերթ (17 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) եղան Քլիվլընտի լաւագոյն մարզիկները: Քլիվլընտ 113-111 արդիւնքով ետ կը մնար մրցումի աւարտէն 51 երկվայրկեան առաջ, սակայն Ճերըթ Էլըն եւ Այզաք Օքորօ 2 թըրն օվըր ընելով վերադարձի յոյս չմնաց:
Շիքակոյի մէջ, Տալաս Մեւրիքս 127-92 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Շիքակօ Պուլզին: Սակայն Լուքա Տոնչիչի 30 կէտէն աւելի նշանակելու մրցանիշը մնաց 6-ի վրայ, հակառակ անոր որ ան թրիփըլ տապըլ մը եւս իրագործեց: Տոնչիչ 27 կէտ, 14 էսիսթ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Մրցումը արդէն ձեւով մը աւարտեցաւ առաջին մասին, երբ Տալաս 44-16 արդիւնքով լայն առաւելութիւն մը ձեռք ձգեց:
Շիքակօ Պուլզի աստղերէն Տըմար Տըրոզըն, որ անցեալ շաբթուան լաւագոյն մարզիկն էր, 13 կէտ կրցաւ նշանակել:
Նիքոլա Եոքիչի թրիփըլ տապըլը (35 կէտ, 17 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ) եղաւ Տենվըր Նակեթցի հետ իր 20-րդը այս եղանակին` օգնելով իր խումբին, որ 125-119 արդիւնքով յաղթէ Թորոնթօ Ռեփթըրզին:
Պոսթըն Սելթիքս արձանագրեց իր 50-րդ յաղթանակը, յաղթելէ ետք Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին: Ճէյսըն Թէյթըմ 26 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պոսթընի:
Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Չարլոթ Հորնեթց 114-97
Քլիվլընտ Քեւելիրզ – Ֆինիքս Սանզ 111-117
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 102-112
Շիքակօ Պուլզ – Տալաս Մեւրիքս 92-127
Տենվըր Նակեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 125-119
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 99-121