Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաուրիցիօ Սարրի Եւ Ռաֆայէլ Պենիթես` Իրենց Պաշտօններէն Դուրս

March 13, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իտալացի մարզիչ Մաուրիցիօ Սարրի, որ Լացիօ Ռոման կը մարզէր, երէկ ներկայացուց իր հրաժարականը` իր վերջին յուսախաբութիւններէն ետք:

Լացիօ, որ անցեալ շաբաթ դուրս մնացած էր «Չեմփիընզ լիկ»-էն, երկուշաբթի գիշեր Ուտինեզէէն անակնկալ պարտութիւն մը կրեց:

Սարրի, որ Լացիոն կը մարզէ 3 տարիէ ի վեր, պայմանագրութիւն մը ունէր մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանի աւարտը (2025), սակայն ներկայացուց իր հրաժարականը Լացիոյի տնօրէնութեան, որ տակաւին չէ ընդունած հրաժարականը, եւ այս գծով պաշտօնական յայտարարութիւն չկայ:

Սարրի (65 տարեկան) անցեալ տարեշրջանին Լացիոն առաջնորդած էր 2-րդ դիրքը` ախոյեան Նափոլիի ետին, բայց այս տարեշրջանին Լացիօ բաւական վատ արդիւնքներ ձեռք ձգեց եւ վերջին 6 մրցումներէն 5-ը պարտութեամբ աւարտեց:

Սարրի 2020-ին պաշտօնանկ եղած էր Եուվենթուս ակումբէն, հակառակ անոր որ 9-րդ յաջորդական ախոյեանութիւնը շահած էր Եուվէի հետ, 1 տարի մարզելէ ետք: Սարրի, որ դրամատան պատասխանատու էր, նախապէս Չելսին եւ Նափոլին ալ մարզած է:

Սպանիոյ մէջ, Սելթա Վիկօ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթեսը:

Երէկ սպանական ակումբը յայտարարութեամբ մը որոշումը ներկայացուց` շնորհակալութիւն յայտնելով նախապէս Լիվըրփուլի եւ Ռէալ Մատրիտի մարզիչին, 8 ամսուան իր զոհողութիւններուն եւ ամբողջական կեդրոնացումին` խումբին վրայ:

Բայց յայտնելով նաեւ, որ սպասուած արդիւնքները չիրականացան Սելթա 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր կիրակի օր Ռէալ Մատրիտէն եւ այժմ 17-րդ դիրքը կը գրաւէ, 1 դիրքով «ապահով» վտանգաւոր դիրքերէն, ախոյեանութեան աւարտէն 10 մրցում առաջ:

63 տարեկան սպանացի մասնագէտը պաշտօնանկ եղած էր նաեւ Էվըրթընէն 2022-ի սկիզբը, վերջինս 200 օրեր մարզելէ ետք միայն:

Պենիթեսի լաւագոյն օրերը Լիվըրփուլի հետ էին, երբ «Կարմիրները» 2015-ին «Չեմփիընզ լիկ»-ը շահեցան եւ 2007-ին աւարտականի հասան: Ան 2006-ին Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակն ալ շահած էր:

2013-ին ան շահած էր նաեւ «Եուրոփա լիկ»-ը Չելսիի հետ եւ Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը Նափոլիի հետ 2014-ին:

2016-ի յունուարին ան Ռէալ Մատրիտէն պաշտօնանկ եղած էր` 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Պարսելոնայէն, Մատրիտի մէջ:

 

 

Նախորդը

Թենիս. Լուքա Նարտի Անակնկալի Բերաւ Ճոքովիչը

Յաջորդը

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ». Նասր Դուրս Մնաց Փենալթիներով

RelatedPosts

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա, Մանչեսթըր Սիթի Եւ Տորթմունտ  Ամբողջական Կէտեր Հաւաքած Են. Իտալիա` Բուռն Պայքար
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա, Մանչեսթըր Սիթի Եւ Տորթմունտ Ամբողջական Կէտեր Հաւաքած Են. Իտալիա` Բուռն Պայքար

September 23, 2026
Հայաստանի Վերանկախացման Տօնին Առիթով`  Արման Մինասեան Նոր Մրցանիշ Հաստատեց
Մարզական

Հայաստանի Վերանկախացման Տօնին Առիթով` Արման Մինասեան Նոր Մրցանիշ Հաստատեց

September 23, 2026
Ճատրակ.  Հայաստանի Տղաքը Հաւասարեցան  Չինաստանի Հետ Եւ Յաղթեցին Իրանի
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստանի Տղաքը Հաւասարեցան Չինաստանի Հետ Եւ Յաղթեցին Իրանի

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.