Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չեմփիընզ Լիկ. Աթլեթիքօ Մատրիտ Դուրս Ձգեց Ինթեր Միլանը

March 15, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աթլեթիքօ Մատրիտ պէտք ունեցաւ փենալթիներու` հասնելու համար «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտական:

Երթին, Իտալիոյ մէջ 1-0 արդիւնքով պարտուած Աթլեթիքօ, Ինթեր Միլանի դէմ մրցումին, մրցաշարքէն դուրս կ՛ուղղուէր մանաւանդ, երբ 33-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ ստացաւ:

Արդարեւ, Նիքոլօ Պարելլա գնդակը փոխանցեց Ֆետերիքօ Տիմարքոյին, որ նշանակեց անցեալ տարուան փոխախոյեան Ինթերի կոլը: 2 վայրկեան ետք, Աթլեթիքօ անմիջապէս փոխադարձեց: Քոքէ օդէն փոխանցեց դէպի Ինթերի քառակուսի, ուր երկու պաշտպաններ չկրցան ետ մղել գնդակը, եւ անիկա հասաւ Անթուան Կրիզմանի, որ անսխալ էր եւ նշանակեց հաւասարութեան կոլը: «Երբ նշանակեցինք, պէտք էր շատ ուշադիր ըլլայինք այդ վայրկեաններուն, եւ փոխարէնը Աթլեթիքոն ու իր համակիրները վերադարձուցինք մրցումի մթնոլորտին», ըսաւ Ինթերի մարզիչ Սիմոնէ Ինցակի:

Կիսախաղէն քիչ մը առաջ, Կրիզման քիչ մնաց կոլ մը եւս նշանակէր, բայց իր հարուածը դպնալէ ետք Փասարտին, ուղղուեցաւ դուրս, մինչ Ինթերի բերդապահ Զոմըր հակառակ ուղղութեամբ ցատկած էր:

Լաութարօ Մարթինես 2 առիթներ ստեղծեց յաղթելու մրցումը, սակայն Մարքուս Թիւրամ եւ Պարելլա ձախողեցան նշանակել առանձին` բերդին դիմաց:

Այս առիթներուն համար Ինթեր «սուղ» վճարեց, եւ Քոքէ անգամ մը եւս ինք եղաւ փոխանցողը, այս անգամ` Մեմֆիս Տեփայի, որ զօրաւոր հարուածով նշանակեց Մատրիտի կազմին 2-րդ կոլը 87-րդ վայրկեանին:

Աթլեթիքօ կրնար կոլ մը եւս նշանակել, սակայն Կրիզմանի փոխանցումէն չկրցաւ օգտուիլ Ռիքելմէ, որուն հարուածը քիչ մը բարձր էր` մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէն զարմացնելով:

Աթլեթիքօ Մատրիտ կրցաւ օգտուիլ փենալթիներէն, երբ բերդապահ Օպլաք զսպեց 2 փենալթի` Ալեքսիս Սանչեսի եւ Տաւի Քլաասընի մինչ, Զոմըր կրցաւ զսպել Սաուլի փենալթին:

Լաութարօ Մարթինես բարձրէն հարուածեց իր փենալթին` վերջ դնելով Ինթերի յոյսերուն:

«Ես միշտ կ՛ըսեմ, թէ փենալթիները ի վերջոյ բախտի հետ կապ ունին: Ճիշդ կողմը պիտի ընտրես եւ ցատկես: Պէտք է ետ մղես գնդակը, եւ կը կարծեմ, եթէ մարզիկը լաւ հարուածէ, անկարելի է զայն զսպելը: Բախտաւոր էի այսօր, որ կրցայ փրկել 2 հարուածէ, բայց կարեւորագոյնը յաղթանակն էր եւ քառորդ աւարտական հասնիլը», ըսաւ սլովենիացի բերդապահ Եան Օպլաք:

Լաութարօ Մարթինեսի փենալթիէն ետք դաշտը «պայթեցաւ» համակիրներու ուրախութենէն, մինչ մարզիչ Սիմէոնէ ուրախութենէն արցունք կը թափէր` պարտութեան մատնելէ ետք իր նախկին խմբակից Սիմոնէ Ինցակին (Լացիօ Ռոմայի օրերէն):

Նոյն պահուն, Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա), Պորուսիա Տորթմունտ կը հիւրընկալէր Նետերլանտներու փոխախոյեան Փ. Ս. Վ. Այնտհովընը:

Տորթմունտ կրցաւ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնել Այնտհովընը, շնորհիւ Սանչոյի եւ Մարքօ Ռոյսի կոլերուն, հասնելով քառորդ աւարտական, վերջին 3 տարիներուն առաջին անգամ ըլլալով:

Այսպիսով, Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Տորթմունտ կը միանան Արսենալի, Պարսելոնայի, Պայերն Միւնիխի, Մանչեսթըր Սիթիի, Ռէալ Մատրիտի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի, եւ այսօր կէսօրին ժամը 13:00-ին վիճակաձգութիւններէն ետք կը յստականայ քառորդ աւարտականի եւ կիսաւարտականի մրցումներուն յայտագիրը:

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Քաղցկեղի Համեմատութիւնը Կը Բարձրանայ

Յաջորդը

Նակըլզման 6 Նորեկներ Կ՛ընտրէ Ազգային Խումբին Համար. – Ուայթ Կը Մերժէ Ազգային Խումբը…

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Ռիատի Յաղթանակով Սկսաւ  Ուասլի «Ֆայնըլ 8»-ը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Ռիատի Յաղթանակով Սկսաւ Ուասլի «Ֆայնըլ 8»-ը

September 28, 2026
Ճատրակ.  Հայաստան Յաղթեց Ազրպէյճանին, Բայց Պարտուեցաւ Ուզպեքիստանէն
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստան Յաղթեց Ազրպէյճանին, Բայց Պարտուեցաւ Ուզպեքիստանէն

September 28, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի Երրորդ Նաք-Աութը. Հայ Մարտիկներ 11 Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի Երրորդ Նաք-Աութը. Հայ Մարտիկներ 11 Յաղթանակներ Արձանագրեցին

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.