Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի Աւարտականին Մասին Մամլոյ Անդրադարձներ

Յունիս 4, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պորուսիա Տորթմունտ 60 վայրկեաններու ընթացքին աւելի լաւ էր, քան Ռէալ Մատրիտ, բայց կոլ չկրցաւ նշանակել «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականին: Ընդհանուր զգացում մը կայ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ը Ռէալ Մատրիտի համար է: Շատեր ձանձրանալու սկսած են, բացի Ռէալի համակիրներէն, որոնք կը հետաքրքրուին, թէ ի՛նչ գրած են միջազգային թերթերը…

ԱՆԳԼԻԱ

«Տէյլի Մէյլ».- Մատրիտ կը մագլցի քաոսէն վեր: Մրցումէն առաջ համակիրներ կը փորձէին դաշտ խուժել դուրսի մուտքէն: Աւելի՛ն, քանի մը անձեր կրցան դաշտ մտնել մրցումը սկսելէն ետք… Հակառակ անոր որ Անգլիա 5 միլիոն փաունտի պողպատէ ցանկապատ մը պատած էր` «Եուրօ 2020»-ի Անգլիոյ ամօթալի օրուան կրկնութենէն խուսափելու համար:

«ՏԸ ՍԱՆ».- Թերեւս պատմական կշիռք մըն էր, թերեւս ինքնավստահութիւն, թերեւս կախարդութիւն` ճերմակ հագած խումբին կողմէ: Ռէալ Մատրիտ միշտ ձեւ մը կը գտնէ»:

«ՏԸ ԿԱՐՏԻԸՆ».- Ինչպէս միշտ, մրցաշարք մըն է, ուր Ռէալ Մատրիտ կը կարծէ, թէ պատճառները ունի յաղթելու պզտիկ մանրամասնութիւններով:

«ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ».- Մրցումը սկսաւ, իբր թիւ 1 թեկնածու սպանական ակումբը մրցումին մեծ բաժինը չկար դաշտին մէջ, բայց Տորթմունտի պայքարին թափը կոտրեց Տանի Քարվախալի եւ Վինիսիուսի միջոցով:

ՍՊԱՆԻԱ

«ՄԱՐՔԱ».- Կատ սէյվ Տը Քինկ». Քարվախալ կ՛ապահովէ 15-րդ տիտղոսը` Եւրոպայի թագաւորին: Սքանչելի գլխու հարուած մը սպանացի միջազգային մարզիկին միջոցով որոշեց հաւասարակշռուած մրցումի մը արդիւնքը, ուր Տորթմունտ կոլ չկրցաւ նշանակել բերդապահ Քուրթուայի հերոսութիւններէն ետք: Վենիսիուս փակեց մրցումին հաշիւը` մրցումի վերջին վայրկեաններուն: Մատրիտ որոշած է, թէ Եւրոպայի բաժակներ շահիլը պարզապէս կենցաղ մըն է: Իրենք կ՛որոշեն ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ շահիլը` մրցանիշը բարելաւելով տարիէ տարի:

Գերմանացիները շատ լաւ ելոյթ ունեցան 60 վայրկեաններ եւ համակիրներու շատ աւելի մեծ թիւ ունէին, քան Ռէալ, բայց սովորական խումբը յաղթեց, այդ խումբը, որ բնաւ չի ներեր, այդ խումբը, որ բնաւ «չի մեռնիր»:

«ԱՍ».- 15-րդ անզսպելիները: Մատրիտ անգամ մը եւս կը շահի «Չեմփիընզ լիկ»-ը, շնորհիւ Քարվախալի եւ Վինիսիուսի: Մրցումին երեք քառորդը Տորթմունտ իշխեց, բայց հերոսները շահեցան ի վերջոյ:

«ՄՈՒՆՏՕ ՏԵՓՈՐԹԻՒՕ».- Ռէալ Մատրիտ, ախոյեաններու ախոյեանը: Ճերմակները չարչարուեցան Տորթմունտի դէմ… Լոնտոնի մէջ անգամ մը եւս տեսանք բնական ժապաւէն մը, որ սկսած է ձանձրացնել բոլորը, բացի` Ռէալի համակիրներէն:

«ՍՓՈՐԹ».- Տորթմունտ կը յանձնէ Ռէալի 15-րդ տիտղոսը: Գերմանացիները կը կորսնցնեն առաջին կիսախաղը, եւ մանկական սխալներ առիթ կու տան Քարվախալին եւ Վինիսիուսին, որ կոլ նշանակեն:

«ԷԼ ՓԱՅԻՍ».- Ճերմակը եւ ոսկեգոյնը կը փայլին Մատրիտի ի նպաստ, Եւրոպայի թագաւորները:

ԻՏԱԼԻԱ

«ԿԱՑԵԹԹԱ ՏԵԼԼՕ ՍՓՈՐԹ».- Միշտ անգութ Մատրիտ: Միշտ յաղթական Անչելոթթի: Ռէալ երկար ժամանակ տառապեցաւ Ուեմպլիի դաշտին վրայ, բայց ի վերջոյ 2-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:

ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ

«ՏԷՅԼԻ ԷՏՎԸՐԹԱՅԶԸՐ».- Ռէալ կը կատարէ «ա լա Ռէալ» ձեւով. թագաւորական խումբը պարզապէս անհաւատալի է: Ռէալ Ֆենոմեն երեւոյթ մըն է: 15-րդ անգամ ըլլալով շահեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ը անգամ մը եւս առանց յաղթելու մրցակիցին: Բայց իրենց «Օրա»-ն է, որ կարծէք բախտ կը պարգեւէ: Եւ մարզիկներուն մակարդակը կ՛ընէ տարբերութիւնը: Թոնի Քրուս եւ մանաւանդ Վինիսիուս ճակատագրական վայրկեանները կ՛որոշեն»:

 

 

Նախորդը

Թենիս. Մետվետեւ Եւ Աւանէսեան Դուրս Մնացին

Յաջորդը

Լեկանես Բարձրացաւ «Լա Լիկա 1»

RelatedPosts

Ալպերթ Ալեքսանեան Հիանալի  Տարեշրջան Մը Բոլորեց Նորվեկիոյ Մէջ
Մարզական

Ալպերթ Ալեքսանեան Հիանալի Տարեշրջան Մը Բոլորեց Նորվեկիոյ Մէջ

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Տէ. Էֆ. Պէ. Փոքալ».  Տորթմունտ Դուրս Ձգեց Ֆրանքֆորթը
Մարզական

«Տէ. Էֆ. Պէ. Փոքալ». Տորթմունտ Դուրս Ձգեց Ֆրանքֆորթը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Աղջկանց Ազգերու Լիկա.  Սպանիա – Գերմանիա` Աւարտականին
Մարզական

Աղջկանց Ազգերու Լիկա. Սպանիա – Գերմանիա` Աւարտականին

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?