Եաննիք Սինըր դարձաւ աշխարհի թիւ 1 թեմիսմեն, Ռոլան Կարոսի մրցաշարքի իր քառորդ աւարտականի մրցումը չկատարած:
Արդարեւ, երբ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, թէ թիւ 1 թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ պիտի չշարունակէ մրցաշարքի իր մասնակցութիւնը ծունկի վնասուածքի պատճառով, ան ինքնաբերաբար դարձաւ թիւ 1 թենիսմեն: Ըստ թենիսի ֆետերասիոնի օրէնքներուն, տարի մը առաջ 1500 շահած կէտերը կը կորսնցնէ նոյն մարզիկը, որ չէ կրցած կրկնել իր յաջողութիւնը 12 ամիսներ ետք: Ճոքովիչ անցեալ տարի շահած էր Ռոլան Կարոսի մրցաշարքը` 1500 կէտեր ձեռք ձգելով: Այժմ ան կորսնցուց այդ կէտերը եւ ինքնաբերաբար Սինըր, որ թիւ 2 թենիսմենն էր, մօտ 300 կէտերով կը գերազանցէ Ճոքովիչը:
22 տարեկան իտալացի Սինըր եղաւ առաջին իտալացին, որ կը գրաւէ թենիսի տղոց դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
«Շատ մեծ իմաստ ունի ինծի համար ասիկա: Հակառակ անոր, որ իմ նախատեսած ձեւովս չէր: Ան (Ճոքովիչը) երկու երկար մրցումներ կատարեց վիրաւոր վիճակի մէջ: Մրցաշարքին համար ալ լաւ բան մը չէր Նովաքի քաշուիլը: Իմ կողմէս շատ ուրախ եմ այս իրագործումին համար: Օրական երկար աշխատանքի արդիւնք է: Վստահաբար շատ ուրախ եմ թիւ 1 դիրքը գրաւելուս համար: Կիսաւարտականի մրցում ունիմ կատարելիք Քարլոս Ալքարասի դէմ, եւ պէտք է այդ մրցումին վրայ կեդրոնանամ», ըսաւ Սինըր, որ Իտալիոյ ազգային խումբին հետ շահած էր 2023-ի Տէյվիս բաժակը:
Թիւ 3 դասուած Քարլոս Ալքարաս (Սպանիա) 6-3, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով դուրս ձգեց յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփասը` 2 ժամ 20 վայրկեան մրցումէ մը ետք:
Նորվեկիացի Քասփըր Ռուտ (թիւ 7) պիտի մրցի գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւ (թիւ 4) – Ալեքս Տը Մինաուր (Աւստրալիա) մրցումին յաղթականին դէմ:
Աղջկանց մրցումներուն, իտալացի Ճասմին Փաուլինի, որ նախորդ հանգրուանին դուրս ձգած էր Էլինա Աւանէսեանը, երէկ դուրս ձգեց թիւ 4 Էլինա Ռիպաքինան` 6-2, 4-6 եւ 6-4 անակնկալ արդիւնքով մը:
Կիսաւարտականի հասած Փաուլինի պիտի մրցի Արինա Սապալենքա – Միրա Անտրեեւա մրցումին յաղթականին դէմ:


