Երկուշաբթի գիշեր պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, թէ Ռէալ Մատրիտ ձեռք ձգած է ֆրանսացի աստղ Քիլիան Էմպափէն:
Նիւթական ոչ մէկ մանրամասնութիւն յայտարարուեցաւ, եւ տակաւին յստակ չէ, թէ ե՛րբ Էմպափէ պաշտօնապէս պիտի ներկայացուի համակիրներուն, մանաւանդ որ ան այժմ Ֆրանսայի ազգային խումբին հետ է եւ կը պատրաստուի Եուրօ 2024-ին:
Յայտարարութիւնը վերջապէս պաշտօնական եղաւ մօտ 2-3 տարի տեւած խօսակցութիւններէ ետք, եւ Էմպափէ, որ քանի մը տարիէ ի վեր աշխարհի լաւագոյն մարզիկներէն մէկն է, պատրաստ է փոխարինելու Լիոնել Մեսսին:
«Երազս իրականացաւ: Շատ ուրախ եւ հպարտ եմ միանալու իմ երազած ակումբիս ոչ մէկը կրնայ հասկնալ, թէ որքա՛ն ուրախ եմ այժմ: Անհամբեր կը սպասեմ հանդիպելու ձեզի` «Մատրիտիսթա» (Մատրիտի համակիրներ), եւ շնորհակալ եմ ձեր աներեւակայելի քաջալերանքին համար… Հալա Մատրիտ», գրեց Էմպափէ «Էքս»-ի վրայ:
Գրառումը անգլերէնով, սպաներէնով եւ ֆրանսերէնով կատարուած էր, Էմպափէին նկարով (պատանի Էմպափէ Ռէալի տարազով հին այցելութեան ժամանակ): Այլ նկար մըն ալ կար Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի հետ:
Ռէալ Մատրիտ ակումբը իր պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրած էր Էմպափէի տեսանիւթը, ուր ձայն մը կ՛ըսէր. «Լաւ կը դիտէ՞ք»:
25 տարեկան Էմպափէ, որ 2018-ի մոնտիալը շահած էր, պիտի միանայ Մատրիտին, խումբ մը, որ աստղերով հարուստ է եւ քանի մը օր առաջ «Չեմփիընզ լիկ» ալ շահեցաւ:
Էմպափէի միանալը Մատրիտի «Կալաքթիքօ» խումբերը պիտի յիշեցնէ, երբ աշխարհի լաւագոյն աստղերէն Ռոնալտօ, Զիտան, Պեքհամ, Ֆիկօ եւ Պենզեմա ներկայ էին: Մատրիտի այժմու աստղեր ալ շատ արագ ձեւով ընդունեցին լուրը.
«Բարի՛ եկար աշխարհի լաւագոյն ակումբը», յառաջապահ Պրահիմ Տիաս գրեց:
Ռէալ Մատրիտի պատմական բերդապահ Իքեր Քասիաս գրեց. «Չեմ գիտեր, թէ «Չեմփիընզ լիկ»-ը շահելով շաբաթ գիշեր, այդ օ՞րը յաղթեցինք, թէ՞ հիմա, երբ Էմպափէ ստորագրեց»:
2021-ին Ռէալ Մատրիտ 180 միլիոն եւրօ առաջարկած էր Փարիզ Սեն Ժերմենին ձեռք ձգելու Էմպափէն, սակայն Փարիզի ակումբը մերժած էր: Նոյն գումարին փոխարէն տարիներ առաջ Էմպափէ միացած էր Փարիզին` լքելով Մոնաքոն:
Էմպափէ կը միանայ Ռէալին: Ան շահած է մոնտիալը 19 տարեկանին, մոնտիալի աւարտական մրցումի հեթ-թրիք իրագործած է 23 տարեկանին, 7 անգամ Ֆրանսայի ախոյեան հանդիսացած է, 4 անգամ` Ֆրանսայի բաժակի մրցանակակիր. ան կոլ նշանակելու «մեքենայ» մըն է: Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ 256 կոլ նշանակելով ան դարձաւ մայրաքաղաքի ակումբի պատմութեան լաւագոյն կոլ-սքորըրը:


