Շաբաթ օր Տոհայի մէջ տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի բարձր մակարդակի մրցում մը` Ուասլի աւարտական հանգրուանի աւարտական մրցումին, ուր Ռիատի կրցաւ դժուարութեամբ պարտութեան մատնել Սաժեսը, յետ երկարաձգման:
Մրցումը շատ սովորական սկսաւ, եւ առաջին մասին Ռիատի 24-11 արդիւնքով կը յառաջանար: 2-րդ մասը հազիւ սկսած, Ռիատիի ամերիկացի մարզիկ Ճոնաթըն Սիմընզ վիրաւորուեցաւ, բան մը, որ բաւական ազդեց Ռիատիի վրայ: Ճիշդ է, որ Ռիատի 1 մարզիկի վրայ վստահող չէ, սակայն երբ 2 տարբեր ոճերով խաղալու կարելիութիւն ունիս, կրնաս շուարեցնել մրցակիցը: Այս պարագային Ռիատի ստիպուեցաւ Քիքանովիչ – Թոն Մէյքըր զոյգով խաղալ: Այս ձեւով ճիշդ է, որ Ռիատի ռիպաունտ հաւաքելու առաւելութիւն ունեցաւ, սակայն խաղաձեւ փոխելու կամ օտար հանգստացնելու առիթ չունեցաւ, մինչ Սաժես առաջին անգամ ըլլալով կրցաւ Ռիատիի դէմ բաւական լաւ ճնշել եւ պաշտպանել: Բ. մասին Ռիատի 13 կէտ նշանակեց միայն (13-18` ի նպաստ Սաժեսի): 3-րդ մասին Սաժես շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ եւ 31-17 արդիւնքով յաղթեց` արդիւնքը դարձնելով ի նպաստ «Կանաչներուն» (60-54):
4-րդ մասի սկիզբը Սաժես 9 կէտով յառաջացաւ (68-59), բայց Ռիատի, որ 4 կէտով ետ կը մնար, մէկ վայրկեանէն քիչ մը աւելի ժամանակ ունէր, եւ կրցաւ 3 յաջորդական յարձակումներու ընթացքին երեք յաջող 3 կէտեր նշանակել` շնորհիւ Ուաէլ Արաքժիի, որ 6 երկվայրկեան մնացած կրցաւ հաւասարեցնել արդիւնքը 79-ի վրայ:
Երկարաձգումին, Սաժես, որ արդէն 4 մարզիկներ ունէր 4 ֆաուլերով, կորսնցուց երեք մարզիկներ` Ահմետ Իպրապիմ, Քլէանթոնի Ըրլի եւ Նիքոլաս Ռաքոսեւիչ, մինչ Ռիատիէն Պոսնիացի Էլմետտին Քիքանովիչ իր կարգին 5 ֆաուլերով դուրս եկաւ մրցումէն, սակայն Ռիատի կրցաւ 21-11 արդիւնք մը արձանագրել յաւելուած 5 վայրկեաններուն:
Թոն Մէյքըր 35 կէտ, 15 ռիպաունտ եւ 4 պլոք կատարեց` դառնալով մրցումին «Էմ. Վի. Փի.»-ին:
Ուաէլ Արաքժի աւելցուց 20 կէտ` դառնալով Ռիատիի «փրկիչը» վերջին կարեւոր վայրկեանին:
Սաժեսէն փայլեցան Քլէանթոնի Ըրլի (25 կէտ, 10 ռիպաունտ) եւ Ճոնաթըն Կիպսըն (23 կէտ), մինչ Նիքոլաս Ռաքոսեւիչ 10 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Այս ձեւով, Ռիատի շահեցաւ Ուասլի տիտղոսը` աւելցնելով իր արեւմտեան շրջանի Ուասլի տիտղոսին, մինչ 3-րդ դիրքը գրաւող Իրանի Շահրտարի Կորկան Ռիատիի հետ իրաւասութիւն պիտի ունենայ` մասնակցելու Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին, որ պիտի երկարի 9-էն 15 յունիս, Տուպայի մէջ: Սկզբունքով փոխախոյեանը պէտք էր մասնակցէր «Չեմփիընզ լիկ»-ին, սակայն նոյն երկրէն երկու ակումբ իրաւասութիւն չունենալուն պատճառով, 3-րդ դիրքը գրաւող Շահրտարի Կորկան Ռիատիի հետ պիտի մասնակցի այս մրցաշարքին:
Ռիատի մաս պիտի կազմէ առաջին խմբակին, որուն մաս կը կազմեն նաեւ Շապապ Ահլի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), Չինաստանի ախոյեան Լիաոնինկ Ֆլայինկ Լեփըրտծ եւ Էն. Էս. Մեթրիքս Տիրզ (Մալեզիա):
Կորկան մաս պիտի կազմէ Բ. խմբակին, որուն մաս կը կազմեն նաեւ Փելիթա Ժայա (Ինտոնեսիա), Հիրոշիմա Տրակոնֆլայզ (Ճափոն) եւ Պուսան Էկիս (Հարաւային Քորէա):
Նշենք, որ այս մրցաշարքը 3 անգամ շահած է Սաժես (մրցանիշ) 1999-ին, 2000-ին եւ 2004-ին, մինչ Ռիատի 2011-ին եւ 2017-ին շահած է այս մրցաշարքը («Չեմփիընզ լիկ»):


