«Օփթա» վիճակագրական գործակալութիւնը Անգլիոյ հաւաքականը կը նկատէ Եուրօ 2024-ի թիւ 1 թեկնածու:
«Օփթա»-ն 20 առ հարիւրով կը նախատեսէ Անգլիոյ խումբին յաջողութիւնը, մինչ Ֆրանսա կը գրաւէ 2-րդ դիրքը` 19 առ հարիւրով, ապա Գերմանիա 12 առ հարիւրով` 3-րդ դիրքը:
Եւրոպայի 2024-ի ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ 14 յունիսէն սկսեալ Գերմանիոյ մէջ, եւ Անգլիոյ խումբը մաս կը կազմէ Գ. խմբակին: Կարեթ Սաութկէյթի մարզած խումբը մրցակից ունի Սլովենիոյ, Դանիոյ եւ Սերպիոյ հաւաքականները:
Նշենք, որ Անգլիա, որ հիւրընկալած էր 2020-ի եուրոն, աւարտականին պարտուած էր Իտալիայէն` դառնալով փոխախոյեան:


