Իտալիոյ ազգային խումբի եւ Ա. Էս. Ռոմայի պատմական մարզիկ Ֆրանչեսքօ Թոթթի կարճ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ ի՛նչ յատկութիւններ պէտք է ունենայ ամբողջական ֆութպոլիստը:
«Ան կարիքը ունի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի աջ ոտքին, Տիեկօ Մարատոնայի ձախ ոտքին, Լուքա Թոնիի գլխու խաղին, Ռոնալտոյի արագութեան, Լիոնել Մեսսիի տրիպլինկին, Ճուտ Պելինկհամի ֆիզիքականին եւ իմ խաղը տեսնելու ունակութեան», ըսած է Թոթթի «Կոլ»-ի կայքին:
Նշենք, որ Թոթթի 2017-էն 2019 Ռոմայի տնօրէնն էր: Ան 1993-էն 2017 խաղցած է միայն Ռոմայի հետ` կատարելով 786 մրցումներ եւ նշանակելով 307 կոլեր, ինչպէս նաեւ կատարելով 209 էսիսթ: Իտալիոյ ազգային խումբին հետ ան կատարած է 58 մրցում, որոնց ընթացքին նշանակած է 9 կոլ:
Թոթթի թիւ 10 շապիկը կրող յարձակող միջնապահ մըն էր, որ ունէր շատ լաւ թեքնիք եւ մրցումը լաւ դիտելու կարողութիւն, 2015-ին ընտրուած էր 36 տարիքէն մեծ մարզիկներու լաւագոյն 10-ի ցանկին մէջ:


